ԱՅԳԱԼՈՅՍՈՂ ԿԵՆԴԱՆԱՐԱՐ ԽՕՍՔԸ
ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ Է
1. Քու Խօսքիդ համար Պիտի Նետենք
Ուռկանները:
2. Աստուածայայտնութեան Երեւոյթը
Գերբնականին Երեւումը:
3. Աստուած Այցելութեան Եկած է Իր
Ժողովուրդին Բարութեամբ:
4. "Ով Է Արդեօք Ասիկայ":
5. Բանին Զօրութիւնը
THE THOROUGHLY VIVACIOUS WORDS OF
JESUS CHRIST
ԱԼՊԷՌ ՆՈՐԱՏՈՒՆԿԵԱՆ
ՀԱՅ-ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ
2003
ՔՈՒ ԽՕՍՔԻԴ ՀԱՄԱՐ
ՊԻՏԻ ՆԵՏԵՆՔ ՈՒՌԿԱՆՆԵՐԸ
Ղուկ. Ե.5:
Յիսուսի խօսքին մէջ կայ զօրութիւն, ուժ, ազդեցութիւն և ներգործութիւն: Մարդկային կեանքը կ՛արտայայտուի խորհուրդով, խօսքով և գործքով: Ասոնց առնչութիւնը շատ սերտ է: խօսքն ու գործը խորհուրդէն կը ծնին: Խորհուրդը կը կանխէ խօսքն ու գործքը, ամէն արարք գործ ըլլալէ առաջ խօսք է, և խօսքով արտայայտուելէ առաջ խորհուրդ է: Խորհուրդն է մարդուն բուն էութիւնը: Բարի խորհուրդին ակնաղբիւրը Աստուած է՚ «Մի է Բարին որ է Աստուած», բարութեան Կատարելութիւնը:
Գործը խորհուրդին պսակն է: Առանց գործքի կնիքին՚ խորհուրդն ու խօսքը անպտուղ կը մնան: Գործքը իրագործուած խորհուրդն է, տեսանելի մտածումը: Կեանքը խորհիլ, խօսիլ և գործել է: խօսքի պատճառով է որ մարդ կը կոչուի բանաւոր արարած: «Աստուծոյ Խօսքը լսելի եղաւ Զաքարիայի որդի Յովհաննէսին, անապատի մէջ»--Ղուկ. Գ.2: Հրեայ՚ Աղեքսանդրիացի Ֆայլո-ի համար, "խօսք"ը Լոկոս ոչ թէ Աստուաՙծ էր, այլ՚ Անկէ անջատ ինքնութիւն էր և ստեղծագործող զօրութիւն:
Յուլիոս կայսրին ուղղարկաց խօսքը խորհրդարանին. «Եկայ, տեսայ, յաղթեցի» էր: Իսկ Յիսուս Քրիստոսի խօսքը եղաւ. «Եկայ, սիրեցի, զոհուեցայ»:
խօսքը լեզուի հասարարական գործառնութիւններու մտածողութեան ու մտքերու հաղորդակցութեան միջոցներու իրականացումը ևդրսեւորումն է: Նախա-Քրիստոս 5րդ դարուն. "խօսք" բառը, Յունարէն "Լոկոս", Եփեսացի Հերագլիթիսի միջոցաւ իմաստասիրական գործածութեան դրուեցաւ բացատրելու համար տիեզերական սկզբունքը: Յիսուս Քրիստոս՚ Իր Յարութեամբ ապացուց թէ վերջին յաղթականը մահը չէ, այլ՚ Իր խօՙսքն է: Յիսուս անմարմին խօսքը մարմնի շրջելով անշօշափելին տեսանելի ու շօշափելի դարձուց Իր սիրոՙվ, հրաշքներով, և ի վերջոյ Իր մարմնակաՙն Յարութեամբ:
Աստուածաբաններ կը հետաքրքրուին Աստուածաշունչի գրականութեան վերաբերեալ հարցերով և հեղինակներով, ոչ Աւետարանին պատգամովը: Յիսուս Ինքզինք կը կոչէ "Աստուծոյ Խօսք"ը, "Բանն Աստուծոյ", ոչ թէ գրութիւն մը, այլ իմաստա- ւորող և ապրող Մեկնաբանութիւնը և Բացատրութիւնը Աստուծոյ: Ոչ թէ ո՞վ գրած է Ս. Գիրքը, այլ ո՞վ յայտնաբանած է զԱստուած: Յիսուս Քրիստոս ապրեցաւ որպէս կենդանիՙ Աստուածայայտ- նութիւն և հայելացումը սէր Աստուծոյ: Մոռնալու չենք որ Աստուած միայն մէկ Խօսք ունի, և այդ խօսքը գիրք մը չէ, այլ Յիսուս Քրիստոս Իր ապրումիՙն բացատրումով: Յիսուսի խօսքերը ծաղրուեցան, Անոր դիմագիծը ձաղկուեցաւ, Անունը ուրացուեցաւ, հետեւորդները հալածուեցան, բայց Անոր խօսքերը մնացին մշտահունչ և յաւերժաբարբառ: Խաչին վրայ Յիսուսի խօսքերէն առաջին երեքը ներումի և սիրոյ խօսքեր էին, յաջորդ երկուքը տագնապի և տառապանքի, վերջին երկուքը՚ գոհութեան և յաղթանակի:
Առաքեալներու համար անհրաժեշտ էր ունենալ Յիսուս Քրիստոսի Խօսքերը և գործերը որպէս վկայութիւն: Երբ եկաւ Սուրբ Հոգին, առաքեալները եղան համակ հաւատք, քաջութիւն, ճանաչում, խօսք (քարոզութիւն) և սէր: Քրիստոսի խօսքերը մեկնաբանուելու են ներկայ մտածումի: Մեկնաբանելու և բացատրելու դժուարութիւնը մեր տգիտութեան, ծուլութեան և նախապաշարումին հետեւանքներն են: Մարմնին ճրագը հոգեկան մտածումն է. երբ անձի մը մտային խորհրդածութիւնը առողջ է՚ ամբողջ մարմինը լուսաւոր կ՛ըլլայ, իսկ երբ հոգեկան տեսանելիութիւնը տկար է՚ (նախապաշարեալ), մարմինն ալ խաւար կ՛ըլլայ»: Բարոյական ոչ մէկ ախտանիշ չի կրնար համեմատուիլ այն ժխտական տարրին հետ, որ կը կոչուի նախապաշարում:
Անաստուածները աւելի փաստ և բացատրութիւն կը փնտռեն կամ կը հետապնդեն, քան թէ յայտնութիւն, ապացոյց և վկայութիւն: Ես գոհացուցիչ կերպով համոզուած եմ, թէ կաՙյ ապացոյց և վկայութիւն Աստուծոյ գոյութեան, սակայն սոյն հարցումին էութեան ու գոյացութեան համար գիտակաՙն փաստ մը չունիմ: Ինչո՞ւ, որովհետեւ Աստուած գիտական փաստարկութենէ գերազանց է՚ Transcendent:
Յովհաննու Աւետարանը ոչ թէ առաքելական վկայութիւն մըն է պատմագրական, այլ՚ պատմութենէն անդին, առաքելակաՙն գրաւակաՙն մը և ստուգութիւնը Յիսուս Քրիստոսի պատմութեան: Աւետարանը ոՙչ թէ կենսագրութիւնն է Յիսուս Քրիստոսի, այլ հաւատքի վկայութիւնն ու յայտարարութիւնը:
Քրիստոնեային կեանքը և վկայութիւնը աստուածակեդրոն է քրիստոսահայեաց ըմբռնումնով, ան կը խօսի ու կ՛ապրի աՙյն հաւատքով ու աՙյն Աստուծմով, որ յայտնուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի ապրումով ու Սուրբ Հոգւոյն վկայութեամբ: Հինգ հոգի նոյն դաշնակին վրայ կը նուագեն սակայն միայն մէՙկ նուագողին երաժշտութիւնը կը յուզէ ներկաներուն սիրտը: Նոյնն է նաեւ քրիստոնեայի մը կեանքի վկայութիւնը: Քրիստոնեան տառապանքի առջեւ կենսուրախ ու վհատութեան փոխարէն կորովամիտ ըլլալու է իր կոչմանը մէջ: Յուսահատութիւնն ու վհատութիւնը զարկին մեր հոգւոյն դուռը, բայց մենք չբացինք ու մերժեցինք իրենց հրաւէրը:
Յունիս 19, 2001
Թորոնթօ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹԸ
ԳԵՐԲՆԱԿԱՆԻՆ ԵՐԵՒՈՒՄԸ
Աստուած Իր յայտնութիւնը շնորհած է ոչ միայն Մովսէսի և Հին Կտակարանի մարգարէներուն, այլ համաշխարհի բոլոՙր կրօնաւոր առաջնորդներուն եւս: Ինչո՞ւ, որովհետեւ աշխարհի բոլոր կրօնները մարդ արարածը կ՛առաջնորդէին ոչ թէ անաստուածութեան, և ոչնչապաշտութեան, այլ դէպի գերբնական Արարիչ աստուծոյ մը: Միթէ կա՞յ մարդկային պատմութեան մէջ ընկերութիւն մը, որքան ալ անցեալին պատկանող, որ չհաւատայ աստուծոյ մը, և չերկրպագեր գերբնական Արարիչի մը, զանազան ձեւերով և ծեսերով, որքան ալ նախնական կարծենք զիրենք: Ուստի, ուրկէ՞ և ինչպէ՞ս և ե՞րբ մարդ արարած "Աստուած" բառը հնարած է ու գործածել սկսած:
Աստուած գոյ է իւրաքանչիւր մարդ էակին մէջ, որքան ալ այդ էակը հողաշէն ու հնադարեան եղած ըլլայ: Մարդ արարածը արարչագործութիւնն է Արարիՙչ Աստուծոյն: Ան, կոյր և անգիտակից բարեշրջութեան մը արդիւնքը չէՙ: Անաստուածութիւնն ու բարեշրջութեան տեսութիւնը, կոյր ու անգիտակից, եսակեդրուն և ամբարտաւան տիտղոսակիր մարդոց տեսութիւնն է, ու անոնց ռահվիրան Ֆրէտրիք Նիցչէ իմաստասէրն է 18-րդ դարուն:
Յիսուս Քրիստոս կռապաշտութեան դէմ չ՛արտայայտուեցաւ, բայց վայեր կարդաց Մովսէսի հպաՙրտ, տիտղոսաւոր և կեղծաւոՙր աշակերտներուն՚ Փարիսեցիներուն: Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը շնորհաւորողները եղան նախ համեստ հովիւները, ու յետոյ Արեւելքէՙն եկող Մոքերը, որոնք Հրեաներու կողմէ, ճանչցուած էին որպէս "հեթանոս կռապաշտներ": Հին Կտակարանի աստուածաբան կարծուածներէն ոՙչ ոք ունեցաւ հետաքրքրութիւնը ընկերանալու և հետեւելու հեթանոս մոգերուն, տեսնելու ու երկրպագելու իրենց Մարդեղացեալ Մեսիան՚ Աստուած Որդին:
Ո՞ւր էին Հրեայ վարդապետները (Ռաբբի"ները, որոնք ուղղութիւն տուին հեթանոս մոգերուն, սակայն իրենք չեկան: Ո՞ւր էին Հին Կտակարանի մասնագէտները՚ Փարիսեցիներն ու Սադուկեցիները, որոնք տեսան Յիսուսի հրաշագործութիւնները և լսեցին աստուածաբարբառ քարոզներն ու սրտաբուխ առակները Յիսուս Վարդապետին, սակայն չխոնարհեցան:
Հին Կտակարանի հաւատացող Մովսէսի աշակերտներուն Յիսուս ըսաւ. Պէտք է ձեզի նորէՙն ծնանիլ, այսինքն երկինքէՙն ծնանիլ: Որովհետեւ
Ես եմ Ճշմարտութիւնը, Ճամբան և Կեանքը:
Որ կը նշանակէ. թողուլ հինցած Մովսէսի Օրէնքն ու մարգարէներու ազգայնամոլ հրահանքները ու հետեւիլ Աստուծոյ արքայութեան Աւետարանին: Յիսուս, Մարդեղեալ Ճշմարտութիւնը, Աւետարանի մէջբերումներուն մէջ կ՛ըսէ աշխարհի մարդոց. «Օրէնքն ու Մարգարէները մինչեւ Յովհաննէՙս (Մկրտիչ) գոյութիւն ունէին, անկէ յետոյ կը քարոզուի Աստուծոյ արքայութիւնը»--Ղուկ. ԺԶ.16:
Վերոյիշեալ Աւետարանի մէջբերումով, մեր Տէրը Յիսուս ըսել կ՛ուզէ թէ, նոր դարաշրջան մը բացուած է մարդոց առջեւ որ կը կոչուի "Աստուծոյ Թագաւորութեան Աւետարանը և Ինքը անոր ռահվիրայ քարոզիչ Մարգարէն է: Հին Կտակարանը գոյութիւն ունեցաւ մինչեւ Յովհաննէս Մկրտիչ:
Մինչեւ Յովհաննէս Մկրտիչի օրերը, մարդկութիւնը չկրցաւ ճանչնալ Աստուած Ճշմարիտը: Թէՙ հեթանոսներ և թէՙ Մովսէսի հետեւողները սխալ բացատրեցին զԱստուած: Հին Կտակարանը ներկայացուց զԱստուած որպէս "նախանձոտ և վրէժխնդիր": Այսինքն ազգայնամոլ և միայն Հրեաները սիրող Աստուած մը: Ու մինչեւ այսօր այդպէս կը հաւատայ Իսրայէլի ժողովուրդը ու նաեւ բազմաթիւ Քրիստոնեաներ ալ, որոնք Աւետարանները չեն սերտած: Մինչդեռ իրեՙնք (Հրեաները) դարձան խաչողները և սպաննողները իրենց Մեսիան՚ Յիսուս Քրիստոսը: Իսկ հեթանոսները ներկայացուցին զԱստուած որպէս իմաստասիրութեան տեսութիւն մը, կամ քարէ ու մետաղէ շինուած մարդակերպ կամ գազանակերպ անասուն:
Աստուած Ճշմարիտը ազգային իւրացում մը չէՙ որ Հրեայ ազգը առանձնաշնորհեալ սէպէ: Յիսուս Իՙնք կ՛ըսէ. «Վասնզի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ»--Յով. Գ.16: Ճշմարիտ աստուածճանաչումը Յիսուսի քարոզութեամբ և Անոր ապրումոՙվ յայտնուեցաւ համաՙյն աշխարհի: Ոչ Հին Կտակարանը կարդալով, ոչ հեթանոս իմաստասիրութիւնը ուսումնասիրելով, ու ոՙչ ալ իրենց զաւակները շինծու կուռքերու զոհագործելով: Մարդիկ ճանչցան Աստուած Ճշմարիտը Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղացումՙով և Անոՙր յայտնութեամբ:
Յիսուս Իՙնք, Իր հարազատ աղօթքին մէջ կ՛ըսէ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան Քեզ միակ Ճշմարիտ Աստուած, և ճանչնան Յիսուս Քրիստոսը, զոր Դուն ղրկեցիր»--Յով. ԺԷ.3:
Բոլոր նախա-Քրիստոս մարգարէները կ՛ըսէին. "Տէր Աստուած այսպէս ըսաւ": Յիսուս եղաւ Աստուծոյ Ճշմարիտ Պատգամաւորը որ սկսաւ ըսել. «Եՙս կ՛ըսեմ ձեզի»: Մեր Տէրը Յիսուս Իՙնքն էր ճշմարիտ Վկան որ ճշմարտապէս և իրաւաՙմբ ներկայացուց Աստուած Ճշմարիտը մարդ արարածներուն առանց ազգային զանազանութեան խտրութեան և ոչ ալ իմաստասիրական բառախաղութեամբ և ոՙչ ալ ոսկեգանդակ կուռքերով:
Երեք տարի, Յիսուս Իր աշակերտները դաստիարակելէ յետոյ կ՛ըսէ անոնց (Հրեայ աւանդապահներուն) որոնց համար Մովսէս և Եղիա մարգարէները գերագոյն աստուածայայտ դեսպաններն էին:
«Ես եմ Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը և Կեանքը:
Ոչ ոք Հօրը կու գայ, եթէ ոչ՚ Ինձմով: Եթէ
ճանչնայիք Զիս՚ պիտի ճանչնայիք նաեւ Հայրս»:
--Յով. ԺԴ.6:
Աշխարհի մէջ միակ ազգը, որ հպարտ էր իր մարգարէներով և կրօնական (Հին Կտակարանի) ծէսերով, Հրեայ ժողովուրդն էր: Յիսուս, ակնարկելով այս ազգին կ՛ըսէ. "Մի հպարտանաք որ դուք առանձնաշնորհեալ էք: Ձեր հաւատացածները մոռցէք, որովհետեւ «Ես եմ Ճանապարհը, Ճշմարտութւնը և Կեանքը»: Եՙս եմ որ իջայ երկինքէն, ձեր սորվածը և աւանդութիւնները, ճշմարտութիւններ չեն: Դուք պարտաւոր էք վերստին ծնիլ կրօնագիտական և հաւատագիտութեան մէջ որպէսզի ստանաք յաւիտենական կեանք: Վերոյիշեալ երկնաբարբառ Յիսուսի խօսքերը ակնարկուած են նաեւ մեզի Հայ ազգին հազարեօթհարիւրամեակի առթիւ:
Այսպիսի հզօր խօսքերուն չդիմացող ազգայնամոլ աշակերտներէն ոմանք բաժնուելով 12 աշակերտներէն, թողուցին Յիսուսը և հեռացան: Ազգայնամոլ և Հին Կտակարանը լաւ մը ուսումնասիրած վարդապետ Սօղոս, դարձաւ ոխերիմ թշնամին ու հալածողը Յիսուսի Եկեղեցիին: Սօղոս կարդալով հանդերձ Հին Կտակարանի Օրէնքն ու մարգարէները, չկրցաւ ճանչնալ Աստուած Ճշմարիտը, որովհետեւ Օրէնքը Մովսէսի միջոցով, իսկ շնորհն ու Ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի միջոցով եղան, կ՛ըսէ Յովհաննէս առաքեալ--Յով. Ա.17:
Յիսուս Քրիստոսի մարդկութեան բերած Աւետարանը՚ Բարի լուրը պէտք էր իբր առանցին, ինքնայատուկ գիրք մը հրատարակուէր, առանց միացնելու զայն Հին Կտակարանին: Այդպէսով, իւրաքանչիւրը պիտի ունենար իՙր որոշ արժէքը, յարգը և գնահատանքը: Մինչդեռ ներկայիս այնպէս կը կարծուի, թէ Յիսուսի Աւետարանը շարունակութիւնն է Հին Կտակարանին ու երկուքն ալ Աստուածաշունչ կամ Holy Bible կը կոչուին: Յիսուս Քրիստոս Հին Կտակարանին որեւէ հոմանիշ չտուաւ, այլ՚ զայն կոչեց "գիրքերը":
1. Յիսուս «գիրքը գոցելով՚ տուաւ պաշտօնեային ու նստաւ--Ղուկ. Դ.20:
2. Յիսուս ըսաւ. «Գրուածքներուն մէջ բնաւ չէ՞ք կարդացած--Մատթ. ԻԱ.42:
Նախ քան տպագիր հրատարակութիւնները, Ս. Գրային բոլոր գրութիւնները մագաղաթներու վրայ ձեռագրուած ինքնայատուկ գալարաձեւ ամբողջականութիւններ էին: Կարելի չէր բոլոր Հին Կտակարանը կամ բոլոր Նոր Կտակարանը մէկ ամփոփ ձեռագիր մագաղաթի վրայ ունենալ: Տպագրական մէքէնայի հնարումով, ձեռագիր գրութիւնները ամփոփուեցան ու մէջտեղ եկան որպէս մէՙկ գիրք: Անգլիոյ մէջ, երբ Ս. Գիրքը թարգմանուիլ սկսաւ, Ճոն Ուիքլիֆ (1320-1384)-ին թարգմանեց մի միայն Նոՙր Կտակարանը Լատիներէնէ Անգլերէնի:
Ուիլիամ Թինտէիլ յունարէն Նոր Կտակարանը (1526)-ին թարգմանեց Անգլերէնի, աքսորութեան մէջ, որովհետեւ Կաթոլիկ Անգլիոյ Եկեղեցին արգիլած էր ժողովուրդին, որ իրենց լեզուով Ս. Գիրքը չկարդացուի: Ու Եկեղեցին Ուիլիամ Թինտէիլը ցիցի կապեց ու զինք կրակի բոցերու մէջ ողջ-ողջ այրեց: Մինչ Հայոց թագաւորը Վրամշապուհ և Սահակ կաթողիկոս դիմաւորելու գացին Մեսրոպ Մաշտոցը, թարգմանած ըլլալուն համար Աստուածաշունչը Հայերէն լեզուի...:
Նոյնիսկ Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղացումէն առաջ Եսայի մարգարէն կը քննադատէ Մովսէսի կողմէ պատուիրուած արջառներու զոհագործութիւնը, ըսելով.
«Տէրը այսպէս կ՛ըսէ. «Ես ասոր պիտի նայիմ, այսինքն խոնարհին և կոտրած հոգի ունեցողին ու իմ խօսքէս դողացողին: Արջառ մորթողը մարդ մեռցնողի պէս է, Գառնուկ զոհողը շուն մորթողի պէս, նուէր մատուցանողը խոզի արիւն մատուցանողի պէս, Կնդրուկ ծխողը կուռք պաշտողի պէս, Իրաւցընէ անոնք իրենց ճամբաները փնտռեցին, Ու անոնց հոգիները իրենց գարշելիներէն կ՛ախորժին: Ես ալ անոնց թշուառութիւնները պիտի ընտրեմ, Եւ իրենց վախցած բաները իրենց վրայ պիտի բերեմ. Վասնզի կանչեցի ու պատասխան տուող չեղաւ, Խօսեցայ ու մտիկ չըրին, Հապա իմ առջեւս չարութիւն ըրին, Եւ իմ չհաւնածս ընտրեցին»--Եսայ. 66.2-4:
Հետեւեալ (ներշնչումի) դէպք իրողութիւն որ պատահեցաւ Պետրոսի և Յիսուսի միջեւ Փիլիպպեան Կեսարիոյ մէջ, կ՛արժէ աւելի մօտէն ուսումնասիրել: Յիսուս կը հարցնէ Իր աշակերտներուն ըսելով. «Իսկ դուք իմ մասիս ի՞նչ կ՛ըսէք, ո՞վ եմ ես»: Սիմոն Պետրոս պատասխանեց ու ըսաւ. «Դուն Քրիստոսն ես՚ կենդանի Աստուծոյ Որդին»: Յիսուս երանի կու տայ Պետրոսին ու անոր կը յանձնէ երկնքի բանալիները:
«Այնուհետեւ Յիսուս սկսաւ յստակօրէն յայտնել աշակերտներուն, թէ պէտք է որ Ինք Երուսաղէմ երթայ, շատ չարչարանքներ կրէ քահանայապետներէն, դպիրներէն, ժողովուրդի ծերերէն և սպաննուի ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ: Եւ Պետրոս մէկ կողմ տանելով Զայն՚ սկսաւ վիճիլ Անոր հետ ու ըսել. «Քաՙւ լիցի քեզ, Տէՙր, այդ բանը քեզի չի պատահիր»: Եւ Յիսուս դառնալով պետրոսին՚ ըսաւ. «Ետիՙս գնայ, Սատանաՙյ, դուն գայթակղութիւն ես Ինծի համար, որովհետեւ քու մտածումներդ Աստուծոյ մտածումները չեն, այլ՚ մարդոց»--Մատթ. ԺԶ.21-23:
Վերոյիշեալ ամփոփ ու խտացեալ դէպք իրողութեան մէջ կը տեսնուի մարդկային ներշնչումի տկարութիւնը: Մարդ արարած ստանալոՙվ յանդերձ աստուածային ներշնչում, կրնայ նաեւ զայն խառնակել, իր նախապաշարումին պատճառով ու շփոթիլ իր մտքին մէջ: Յիսուս, Պետրոսը «Երանի՜» կոչեց, ու նաեւ «Սատանայ»: Մենք պարտաւոր չեՙնք բոլոր մարգարէները անսխալական նկատել: Անսխալականն ու իրաՙւ Ճշմարիտը միայն Յիսուս Իՙնքն է Որդիՙն Աստուծոյ, մարդ արարածներուն համար, Ան ըսաւ.
«Ես եմ Ճշմարտութիւնը, Ճամբան ու Կեանքը»:
Յիսուս Քրիստոս գիրք մը, գրութիւն մը չէՙ, այլ կենդանիՙ և ապրոՙղ Անձնաւորութիւն մըն է: Մեր պաշտամունքը, հաւաՙտքը և ծառայութիւնը ըլլալու չէՙ անցողակի գաղաբարի մը կամ յարաբերական տեսութիւններու արդիւնք: Յիսուս Քրիստոս մեզի համար վախճանած սուրբի մը պատկերը չէ, նահատակ հերոսի մը յուշակոթողը չէ և ոչ ալ հանճարեղ գիտնականի մը հոյակերտ արձանը, այլ՚ Ան, Աստուածոյ մարմնացած ու մարդացած Որդին է: Յիսուս Իր Ս. Խաչելութեամբ ոՙչ թէ Իր Անձը կը յանձնէ կամ կը մատնէ մահուան, այլ՚ Իր պատգամած ու յայտնած Աստուծոյ սէրն ու ճշմարտութիւնը վկայելու պայքարամարտին մէջ կ՛սպաննուի: Այս արարքը ցոյց կու տայ Իր հաւատարմութիւնը աստուածային առա- քելութեան:
Յիսուս բացայայտօրէն կ՛ըսէ Յովհաննու Ժ.17-19 համարներուն մէջ՞
«Իմ Հայրս զիս կը սիրէ անոր համար որ ես իմ կեանքս կու տամ, որպէսզի կրկրին առնեմ զայն: Ոչ ոք ինձմէ կը խլէ զայն, այլ ես ինքս կու տամ զայն. իշխանութիւն ունիմ զայն տալու և իշխանութիւն ունիմ վերստին զայն առնելու. այս պատուէրը իմ Հօրմէս ստացայ»:
Մեր հայեացքը երբ կեդրոնացնենք Քրիստոսի վրայ, հոն չենք հանդիպիր "մեղմ ու փափկասուն Յիսուսի" մը, այլ հզոր Անձնաւորութեան, որ կը ցնցէՙ ու կը թոթուէ մեզ որպէսզի մեր էութենէն արտաքսէ սխալ կարծիքները մեր չաստուածներուն՚ (իմ նպատակներոՙւս աստուածը, իմ ըմբռնումիՙս աստուածը, իմ փորձառութեաՙնս աստուածը, իմ հանգիստիՙս աստուածը, իմ յաջողութեաՙնս աստուածը, և իՙմ ազգիս աստուածը): Մենք կրնանք հրապուրուիՙլ Իրմով կամ մերժեՙլ աՙյս Յիսուսը, հետեւիՙլ Իրեն, կամ ձեռք քաշել ու հեռանալ Անկէ:
Այս մասին խորապէս և բացայայտօրէն Յովհաննէս առաքեալ իր խոր ծերութեան մէջ կը գրէ ու կը կտակէ յաւերժութեան իր ճանչցած Յիսուսի Աւետարանը նոյնիսկ 20րդ դարու մարդկութեան ու կ՛ըսէ. «Ան (Յիսուս) սկիզբէն Աստուծոյ քով էր: Ամէն բան Անով եղաւ, և առանց Անոր չեղաւ բան մը, որ եղած ըլլայ: Կեանքը Անով էր: Եւ կեանքը լոյս էր մարդոց: Եւ Լոյսը կը լուսաւորէ խաւարին մէջ, և խաւարը չճանչցաւ Զայն»--Յով. Ա.2-5: Բոլոր աշխարհ կը հաւատար գերբնական աստուծոյ մը, թէՙ Հրեաները և թէՙ հեթանոսները իրենց գիտցած ձեւերով և աստուածներով, սակայն իրենց գիտցածը այլասերած աստուած մըն էր ազգայնացաՙծ ու սեփականացաՙծ աստուած մը:
«Մարդ մը կար՚ Աստուծմէ ղրկուած. Անոր անունը Յովհաննէս էր: Ասիկա եկաւ որպէս վկայ, վկայութիւն տալու Լոյսին համար, որպէսզի ամէնքը անոր միջոցով հաւատան: Ինք Լոյսը չէր, այլ եկած էր, որպէսզի վկայէ Լոյսին համար»--Յով. Ա.6-8:
Հին Կտակարանի մարգարէներուն համար որեւէ նախակարապետ վկայ մը չէր եկած: Յիսուսի գալուստը վկայելու համար մարգարէացուած էր Հրեայ մարգարէներու կողմէ, և թէ Հռոմայեցի Վիրկիլիոս Բանաստեղծին կողմէ (The Eclogues, Georgics and Aeneid of Virgil--page 18-20:
Յովհաննէս առաքեալ կը շարունակէ իր վկայութիւնը ու կ՛ըսէ.
«Ան Էր ճշմարիտ Լոյսը, որ կը լուսաւորէ ամէն մարդ, որ աշխարհ պիտի գայ: Ան աշխարհի մէջ էր, և աշխարհը Անով եղաւ, սակայն աշխարհը չճանչցաւ Զայն: Իրեններուն եկաւ, բայց իրենները չընդունեցին զԱյն: Իսկ անոնք որ ընդունեցին զԱյն՚ իշխանութիւն տուաւ անոնց ըլլալու Աստուծոյ որդիները, անոնց՚ որոնք կը հաւատան Իր Անունին: Անոնք ոՙչ արիւնէ, ոՙչ մարմնի կամքէ և ոՙչ ալ մարդու կամքէն, այլ Աստուծմէ ծնան»--Յով. Ա.9-13:
Յիսուս աշխարհի մէջ էր Իր մարդեղացումէն առաջ: Իր մարդեղցումէն յետոյ ալ մարդոց մէջն է, այնպէս ինչպէս Էմմաուսի ճամբորդները, սակայն Զինք օտարականի տեղ դրած ենք:
Յիսուս եկաւ իրեններուն, բայց իրեններն ալ (Իր ազգակիցներն ալ՚ իրենք զիրենք առանձնաշնորհեալ կարծողներն ալ չընդունեցին Զայն: Ի՜նչ ափսոսանք, այն ազգը որ դարերով սպասած էր Անոր յայտնութիւնը տեսնելու համար Երկնային Օծեալը, անոնք եւս թէՙ չճանչցան և թէՙ չընդունեցին Զինք:
Ինչո՞ւ համար թէՙ աշխարհ (հեթանոսներ) և թէ իրենները (Հրեաները) չընդունեցին աստուածառաք Ճշմարտութիւնը որ եկած էր շնորհելու յաւիտենական կեանք ու յայտնաբանելու Աստուած Ճշմարտը:
Մարդիկ դարձած էին այնքաՙն ինքնահաւան և անձնամոլ, որ չուզեցին խոնարհիլ բացարձակ Ճշմարտութեան առջեւ, ու ջանացին ինքնախաբէութեամբ իրենք զիրենք աստուած կարծել: Մարդկային ինքնախաբէութիւնն ու գոռոզութիւնը այնքա՜ն մեծ է, որ Յիսուս ընդունուեցաւ հզօր ու բանգէտներու կողմէ երբ միայն 12 տարեկան երախայ մըն էր: Աՙյսօր ալ երբ մարդիկ կ՛աղօթեն Աստուծոյ, անոնք կաղօթեն սուրբ Մարիամ մօր գիրկը նստած մանկան մը, ու ոչ հզօր ու յարուցեալ յաղթակաՙն Յիսուս Քրիստոսի:
Մարդեղացեալ Յիսուս Քրիստոս, Որդին Աստուծոյ երբ սկսաւ Իր առաքելութեան ու ներկայացաւ մարդաշխարհին որպէս Ճանապարհ, Ճշմարտութիւն և Կեանք, Ան չերեւցաւ ոչ որպէս մանուկ մը կամ պատանի մը, այլ՚ չափահասութեան հասած, շուկայի մէջ թրծուած, մարդոցմէ ճանչցուած և մարդկային փորձութիւններն ու դառնութիւնները ճաշակած աշխարհական մը: Ան Իր Մարդեղութեան փորձառութեամբ լրիՙւ և անթերի կերպով ճանչցաւ մարդկային տկարութիւնները, ապիկարութիւնները և հանդիսացաւ մարդոց Բարէխօսը առ Աստուած:
Յիսուսի ախարհ գալէն յետոյ, Հրեաները Աստուծոյ առանձնաշնորհեալ ազգը ըլլալէ դադրեցան, որովհետեւ անոնք ոՙչ թէ միայն ուրացան իրենց Մեսիան, այլ նոյնիսկ մահուան դատապարտեցին իրենց ղրկուած Ազատարարը: Յիսուսի Մարդեղացումէն յետոյ, յաւիտենական կեանքի դուռը բացուեցաւ համաՙյն աշխարհի (Հարսանեկան խրախճանքը Մատթ. ԻԲ.1-14): Ուր Յիսուս Ինք կը բացատրէ առակը և կ՛ըսէ.
«Արդ, գացէՙք ճամբաներուն գլուխը և
ով որ գտնէք՚ կանչեցէՙք հարսանիքի»:
Առաջինները պիտի ըլլան յետինները և յետինները առաջին: Հայերը առաջին ազգն էին որ ազգովին դարձան Քրիստոսի հաւատքին: Ո՞ւր կը գտնուի այսօր Հայ ազգը: Ընթերցողները թող վկայեն:
«Եւ Բանը մարմին եղաւ ու բնակեցաւ մեր մէջ, և մենք տեսանք Անոր փառքը, որպէս շնորհով և ճշմարտութեամբ լի Միածնի փառք՚ ստացուած Հօրմէն»--Յով. Ա.14:
Առաքեալները, որոնք Համաշխարհի քարոզիչները դարձան, չտեսան Յիսուսը որպէս ծծկեր մանուկ մը նստած մօր մը գիրկը, այլ անոնք տեսան Յարուցեաՙլ և Յաղթակաՙն Յիսուսը: Յիսուս Քրիստսոս ներկայացաւ աշխարհի որպէս հզօր գերմարդկային Անձնաւորութիւն մը, որուն հրեղէն խօսքերուն և իմաստութեան, մարդկային իմաստասէրներ չկրցին դէմ կենալ: Կրօնաւոր աստուածաբան կարծուած ռաբբիներ պապանցեցան, և քահանայապետներ նախանձեցան այս աշխարհական աստուածաբարբառ Քարոզիչին, ու միակ միջոցը որ գտան, սպաննել էր Զայն ու քողարկել կենդանի Ճշմարտութիւնը առանց գիտնալու, որ Անոր իւրաքանչիւր աշակերտը պիտի դառնար Յիսուսանման խիզախ քարոզիչ մը:
Եթէ մէկը կ՛ուզէ տեսնել Մարդեղեալ Յիսուսը փառաւորուած Հօր Աստուծմէ, պարտաւոր է ընդունիլ Յիսուս Քրիստոսը և բնակեցնել Զայն ոչ թէ փայտէ կամ մետաղէ շրջանակի մը մէջ միայն, այլ իր Հոգւոյն ու սրտին մէջ, իր մտածումներուն և սիրոյՙ ապրումին մէջ: Այսինքն այնքա՜ն սիրել ու հաւատալ Անոր, որ պարտաւոր դառնայ ինքզինք նոյնացնել Անոր չարչարանքներուն և անարգանքներուն հետ այս աշխարհի մէջ: "Նոյնացնել" բառը Յիսուսի հետեւիլ կը նշանակէ, մինչեւ Գողգոթա:
Յովհաննէս առաքեալ կը շարունակէ ու կ՛ըսէ. «Մենք ամէնքս Անոր լիութենէն ստացանք շնորհ՚ շնորհի փոխարէն (այսինքն մենք բոլորս ալ օրհնուեցանք Անոր գերազանց շնորհով): Որովհետեւ Օրէնքը Մովսէսի միջոցով, իսկ շնորհն ու ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի միջոցով եղան»--Յով. Ա.16-17: Վերոյիշեալ բախտատութիւնը որ առաքեալը կ՛ընէ Մովսէսի և Յիսուսի միջեւ, կը նշանակէ, «Մովսէսի Օրէնքը, առանց ողորմութեան խստապահանչ արդարութիւն մըն էր, իսկ Յիսուսի մարդկութեան ընծայածը, Աստուծոյ սիրոյ ներոՙւմն է:
«Ոչ ոք երբեք տեսած է զԱստուած, բացի միայն
Միածին Որդիէն որ Հօրը ծոցին մէջ է, Աՙն յայտնեց»--Յով. Ա.18:
Յովհաննէս առաքեալ, վերոյիշեալ յայտարարութիւնը կ՛ընէ թէՙ Հրեաներուն, թէՙ Յոյներուն և թէՙ յունախօս Հրեաներուն: Ան կ՛ըսէ իր ցեղակիցներուն թէ, Հին Կտակարանի մարգարէներէն ոՙչ մէկը տեսած էր զԱստուած: Ի՞նչպէս կարելի է, որ անձ մը չտեսած և չճանչցած մէկուն մասին կարենայ ճիշտ և իրաւ վկայութիւն տալ: Ոչ թէ մարգարէները սխալ տեղեկութիւն տուած են Աստուծոյ մասին, այլ իրեՙնք չեն տեսած ու չեն ճանչցած Աստուած և իրենց նկարագրած աստուածը չէ, Աՙյն որ Յիսուս եկաւ բացատրելու և յայտնելու մարդկութեան:
Ուստի, Աստուծոյ ամբողջական իրականութիւնը և ճշմարտութիւնը ոչ թէ Մովսէս կամ Եղիայ յայտնած են մարդկութեան, այլ՚ Յիսուս, Միածին Որդին, որ Հօր Աստուծոյ ծոցին մէջ է, Ան յայտնեց մեզի:
Հետեւաբար եթէ ես ունիմ կարելիութիւնը ճանչնալու զԱստուած Յիսուսիՙ միջոցաւ, ի՞նչ կարիքը ունիմ սորվելու զԱստուած Մովսէսէ կամ ուրիշ մարգարէներէն, որովհետեւ կրնամ շփոթիլ և սխալ ճանչնալ Աստուած Ճշմարիտը ու կորսնցնել յաւիտենական կեանքը:
Յունիս 19, 2001
Հալիպըրթըն, Օնթէրիօ
«ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԵԿԱԾ Է
ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԲԱՐՈՒԹԵԱՄԲ»
-- Ղուկ. Է.16
Մինչեւ Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութիւնը, մարգարէներ քարոզած ու յորդորած էին վախոՙւ, օրէնքին և պատուէրներուն Աստուածը: Յիսուս Քրիստոսի աշխարհ այցելութեամբ, անտեսանելի և անշօշափելի Աստուած, որ հեռու կը կարծուէր ըլլալ մարդոցմէ, հանդիսացաւ ու ճանչցուեցաւ մարդոց Իր գթութեամբ, սիրով և բարերարութեամբ:
Համաՙյն աշխարհի մարդիկ, ապրած և աշխատած էին, ազատ կամ բռնի այն յոյսով և ակնկալութեամբ, թէ օր մը պիտի հասնի երբ